Սլովենիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սպանիոյ հետ:
Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան իրենց կատարած մրցումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Հայաստան եւ Սպանիա ապահոված են 10-ական կէտ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն: