Կիրակի, 21 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Քաթարի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Աշխարհի գործող ախոյեան անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն հանդիսացաւ առաջին, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Մաքս Վերսթափեն եւ Ֆերնանտօ Ալոնսօ:
Նշենք, որ Ալոնսօ վերջին անգամ փոտիում բարձրացած էր եօթը տարի առաջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ անգլիացի Հեմիլթըն յաջողեցաւ իր եւ Վերսթափենի միջեւ գտնուող կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել ութի:
Վերսթափեն («Ռետ Պուլ») այժմ ունի 351,5 կէտ, Հեմիլթըն («Մերսետես»)` 343,5 կէտ, մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Վալթերի Պոթթաս («Մերսետես»)` 203 կէտով:
Նշենք, որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն: