ՀՄԸՄ Ճիւնիի Տղոց Խումբը
Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի բաժակի մրցաշարքին մրցումները:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 189 տղաք եւ 42 աղջիկներ:
ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Նոել Քէշիշեան, որ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան, 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Մարիանա Սահակեանէն (Անդրանիկ Պէյրութ), տիրացաւ պրոնզ մետալին: Վերջինը տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականին յաղթելէ ետք իր խմբակիցին` Թալիա Ազարին (3-0):
Իսկ տղոց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ Սաատէտտին Հապաշ (Անդրանիկ Պէյրութ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախագահ Ճորճ Քուփալիի:
ԱՅԼ գետնի վրայ, ՀՄԸՄ Ճիւնիի մասնաճիւղի տղոց խումբը Լիբանանի փինկ փոնկի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ընթացքին իր ձեռք ձգած բացառիկ եւ տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Ճիւնին` Ա. դասակարգ բարձրանալուն առիթով: