Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, հնդկական Կալկաթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին իր տիրացած տիտղոսը նուիրեց Հայաստանին:
«Շատ ուրախ եմ, որ յաջող արդիւնքներ արձանագրելով կրցայ տիրանալ այս կայծակնային մրցաշարքի տիտղոսին:
«Այս պահուն, ինչպէս աշխարհի իւրաքանչիւր հայ, միտքերս իմ երկրիս հետ են, եւ անհամբեր կը սպասեմ այն օրուան, երբ մեր ազգը պիտի կարենայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ, վերակառուցել եւ խմբաւորել ամէն ինչ, որ մենք կը գնահատենք:
«Կ՛ուզեմ իմ յաղթանակս նուիրել Հայաստանին, բոլոր հայրենակիցներուս, մանաւանդ անոնց, որոնք նահատակուեցան Արցախի եւ Հայաստանի համար եւ անոնց, որոնք ապրեցան եւ կը պայքարին մեր ազգին համար:
«Յաղթանակս կը նուիրեմ նաեւ մեր բոլոր հերոսներուն, մեր քաջարի քոյրերուն եւ մայրերուն:
«Այնքան ատեն որ մենք կը հաւատանք եւ ամուր կանգնած ենք մեր ոտքերուն վրայ, մենք անմահ ենք», ըսաւ Լեւոն Արոնեան: