Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արարատ-Արմենիա, որ հիւրը եղաւ փոխախոյեան Նոային, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մայիլսոն Լիմա, 68-րդ վայրկեանին:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Փիւնիկ-Երեւան, որ Չարենցաւանի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վանը:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Արարատ-Արմենիա 37 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ Փիւնիկ 30 կէտով` երկրորդ դիրքը:
Նոա 13 մրցումէ 18 կէտով 5-րդ է, մինչ Վան նախավերջին` 9 կէտով: