Նախորդ շաբաթավերջին հնդկական Կալկաթա քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ արագ ճատրակի «Թաթա Սթիլ Ինտիա»-ի միջազգային մրցաշարքը` հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանի տիտղոսին տիրացումով:
18 հանգրուանի արդիւնքները նկատի առնելով` Հայաստանի ներկայացուցիչը եւ հնդիկ Արճուն Էրիկայսի կիսեցին առաջին դիրքը` 11,5-ական կէտով:
Թայ պրէյքի երկու մրցումներն ալ աւարտեցան հաւասարութեամբ, եւ պայքարը շարունակուեցաւ Արմակետոնով, որուն ընթացքին Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթանակ արձանագրեց: