Երէկ` երեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, Էրպիլի մէջ (Իրաք) տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ 2021-ի երիտասարդներու ֆութպոլի երկրորդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը, որ կատարեց իր առաջին մրցումը` Սուրիոյ դէմ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ալի Ֆատըլ` 55-րդ վայրկեանին:
Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան վաղը` հինգշաբթի, 25 նոյեմբերին կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ, ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: