Ողիմպիական խաղերու կրկնակի փոխախոյեան, ծանրաբարձ Սիմոն Մարտիրոսեան երէկ այցելեց «Զինուորի տուն», այս մասին յայտնեց վերականգնողական կենտրոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սիմոն Մարտիրոսեան «Զինուորի տան» նուիրեց երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին իր տիրացած առաջին տիտղոսը:
Ան իր այս այցելութեան ընթացքին վիրաւոր զինուորներուն հետ ծանօթանալով հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք ի՞նչ ձեւով անոնց օգտակար կրնայ դառնալ:
Անոր կ՛ընկերակցէին անոր մարզիչները` Աշոտ Փիլոսեան եւ Նարեկ Խաչատրեան:
«Մեր յաղթանակները առանց ձեր կատարած գործին ոչինչ են», յայտարարեց Մարտիրոսեան` խոստանալով Աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութենէն ետք կրկնել իր այցելութիւնը:
Իսկ վիրաւոր զինուորները ծանրաբարձին վրայ պարտք դրին իրենց այցելել միայն ոսկի մետալով:
Նշենք, որ Աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7-11 դեկտեմբերին, Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ: