Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Զինետտին Զիտան մերժեց գլխաւորել Փարիզ Սեն Ժերմենը, այս մասին յայտնեց սպանական «ԱՍ» անուանի մարզական օրաթերթը:
Նշուեցաւ, որ ֆրանսական ակումբը չկրցաւ համոզել 49 տարեկան Զիտանը, որ ստանձնէ խումբին մարզիչի պաշտօնը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Զիտան կը փափաքի տարուան մը դադարէ ետք միայն ստանձնել ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը եւ ոչ թէ տարեշրջանի մը կէսէն ետք: