Ֆրանսական «ԱՐ. ԷՄ. ՍԻ.» լրատուամիջոցը յայտնեց, որ պրազիլցի միջազգային յառաջապահ` Նէյմար երկու ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Փարիզ Սեն Ժերմենի 29 տարեկան ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ Սենթ Էթիենի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումին ստացաւ ծանր վնասուածք մը եւ դաշտէն դուրս բերուեցաւ պատգարակով:
Այս մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: