Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանը:
Անոր մեկնարկը պիտի տրուի այսօր` երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 5 խումբեր` Երեւանէն եւ Գիւմրիէն:
Այդ խումբերն են` Լես Ֆոքսիս, Հատիս, Երեւան-Պասքեթ, Արցախ (Երեւան) եւ Գիւմրի (Գիւմրի):
Այսօր, բացման մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Հատիս եւ Երեւան-Պասքեթ, ժամը 18:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):