Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ երէկ հիւրընկալեց Թորինոն, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Թեմի Ապրահամ` 32-րդ վայրկեանին:
Անոր նշանակած այս կոլին էսիսթը կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, հռոմեան կազմը, որ այժմ ունի 25 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը` 10 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլիէն:
Երկրորդ դիրքը 32 կէտով կը գրաւէ Ա. Սէ. Միլան, որ այս հանգրուանին իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սասուոլոյէն:
Իր կարգին, իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Եուվենթուս, 1-0 արդիւնքով` Աթալանթայէն, մինչ Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վենեցիայի դաշտէն: