Երէկ` երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին գերմանացի անուանի ֆութպոլի մասնագէտ Ռալֆ Ռենկնիք նշանակուեցաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, որմէ ետք ան ակումբին մէջ պիտի ստանձնէ խորհրդականի պաշտօնը:
Նախքան իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելը, ան նշանակուած էր Լոքոմոթիւ Մոսկուայի մարզական եւ զարգացման բաժինի գլխաւոր պատասխանատու:
Անգլիական մամուլը յայտնեց, որ գերմանական Հոֆընհայմի եւ Լայփցիկի նախկին գլխաւոր մարզիչը մանչեսթըրեան ակումբին հետ պիտի ստանայ տարեկան 9 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Նորվեկիացի Ուլէ Կունար Սոլսքիարի պաշտօնազրկումէն ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատարն էր անգլիացի Մայքըլ Քերիք:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտ 18 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը:



