Մեսսի Կատարեց Երեք Էսիսթ,
Մինչ Նէյմար Վիրաւորուեցաւ
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք 20-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւող Սենթ Էթիենի դաշտէն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը ունեցաւ 12 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` երկրորդ դիրքը գրաւող Ռեննի վրայ:
Պրազիլցի Մարքինիոս տուպլէ մը իրագործեց (45+2-րդ եւ 90+1-րդ), մինչ արժանթինցի Անխել Տի Մարիա նշանակեց երրորդ կոլը (70-րդ):
Նշենք, որ մրցումին երեք կոլերուն ալ էսիսթը կատարեց արժանթինցի Լիոնել Մեսսի:
Այս մրցումին յաղթական կազմին հետ իր նորամուտը նշեց սպանացի 35 տարեկան Սերճիօ Ռամոս, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ, անոնց խմբակից պրազիլցի Նէյմար վիրաւորուելով պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն: