Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, այսօր` երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին, դարձեալ պիտի մրցի Ինտոնեզիոյ դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին` «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 16:00-ին:
Առաջին մրցումին, Լիբանան, որ 96-38 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը, այսօր դարձեալ պիտի փորձէ ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել` օգտուելով իր դաշտին վրայ մրցելու առաւելութենէն:
Նշենք, որ Լիբանանի խմբակին մէջ են նաեւ Յորդանան եւ Սէուտական Արաբիա: