Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. լիկայի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Գիւմրի, որ մրցեցաւ «Ա. Ի. Ա.» – Սթար խումբին դէմ, արձանագրեց 92-85 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այս յաղթանակը Գիւմրիի համար եղաւ տարեշրջանի չորրորդ յաղթանակը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց յաղթական կազմէն Քրիս Ճոնսըն (32 կէտ):