Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, երէկ յետմիջօրէին երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Ինտոնեզիոյ դէմ, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Լիբանան, որ նախորդ շաբաթավերջին 96-38 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, կրկնեց իր յաղթանակը իր նոյն մրցակիցին դէմ, այս անգամ` 110-64 արդիւնքով:
Լիբանանէն Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 19 կէտ, Աթեր Մաժոք` 18 կէտ, իսկ Հայկ Կէօքճեան` 16 կէտ:
Փետրուար 2022-ին Լիբանան երկու մրցում պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս` մրցելով Սէուտական Արաբիոյ եւ Յորդանանի դէմ: