Երէկ գիշեր «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Ինտոնեզիոյ դէմ, 58 կէտի տարբերութեամբ` 96-38 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին 2023-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Գ. խմբակ):
Այստեղ նշենք, որ երկու կազմերը երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին, նոյն վայրին մէջ դարձեալ իրարու դէմ պիտի հանդիպին, սակայն` ժամը 16:00-ին:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սերճիօ Տարուիշ (17 կէտ):
Ամիր Սէուտ նշանակեց 12 կէտ, մինչ Հայկ Կէօքճեան եւ Ուաէլ Արաքժի` 11-ական կէտ: