Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնին («ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ.») կողմէ 2021 տարուան աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի:
Տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին, ան ապահովելով 150 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (105 կէտ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց իտալացի Ժորժինիօ (40 կէտ):