Նախորդ շաբաթավերջին «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզը, անկէ կրեց 141-137 արդինքով պարտութիւն մը` երրորդ երկարաձգումէն ետք:
Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս, որ նշանակեց 30 կէտ, գերազանցեց Քոպի Պրայընթի մրցանիշը` երկարաձգումներուն ընթացքին իր նշանակած կէտերուն քանակով:
Ճէյմսի նշանակած 487 կէտը կը նկատուի երկրին պատմութեան բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ցուցանիշը` երկարաձգումներով աւարտած մրցումներուն ընթացքին:
Պրայընթի ցուցանիշը երկրորդ հանդիսացաւ (471), մինչ երրորդ դիրքին վրայ է Փոլ Փիրսի մրցանիշը (365):
Տըրք Նովիցքի չորրորդ է (357), մինչ Տուէյն Ուէյտ` հինգերորդ (318):