Քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ ներկայիս մաս կը կազմէ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի, երէկ շնորհաւորեց սպանական ակումբին հիմնադրութեան տարեդարձը:
Երէկ` երկուշաբթի, 29 նոյեմբերին, Պարսելոնա դարձաւ 122 տարեկան:
34 տարեկան Մեսսի, որ նախորդ օգոստոսին Պարսելոնան լքելով միացաւ Սեն Ժերմենի, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 6 մրցումի եւ նշանակած կոլ մը: