Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի վոլիպոլի 18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը:
Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ տիտղոսակիր հանդիսացաւ Լեհաստան, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռուսիա եւ Ուքրանիա:
Ախոյեանութեան վերջին օրը Հայաստանի հաւաքականը 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Էսթոնիայէն: