Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ մրցումին եւս իրարու դէմ ճակատողներուն միջեւ արձանագրուեցաւ հաւասարութիւն:
Աշխարհի գործող նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսընի (2855) եւ 31 տարեկան ռուս Եան Նեփոմնիաչիի (2782) այս երրորդ ճակատումին 41-րդ շարժումին կողմերը համաձայնեցան հաւասար աւարտել այս հանդիպումը: Քարլսըն կը մրցէր սեւ քարերով:
Նշենք, որ մինչեւ 14 դեկտեմբեր անոնք իրարու դէմ պիտի կատարեն դասական 14 մրցում:
Հաւասարութեան պարագային, 15 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ արագ ճատրակի 4 մրցում:
Տիտղոսակիրը պիտի ստանայ 1,2 միլիոն եւրօ, իսկ փոխախոյեանը` 800 հազար եւրօ: