Նափոլիի Մարզիչը Երկու Մրցումով Որակազրկուեցաւ
«Ֆութպոլ Իտալիա» յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Նափոլիի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Լուչիանօ Սփալեթթի երկու մրցումով որակազրկուեցաւ: Բնականաբար ասիկա կը վերաբերի Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: Ան Սասուոլոյի դէմ տեղի ունեցած 15-րդ հանգրուանի մրցումին («Քալչիօ») կորսուած վայրկեաններուն իրաւարարին հետ վիճաբանած ըլլալուն պատճառով կարմիր քարտ մը ստացաւ: Ան պիտի բացակայի Աթալանթայի (4 դեկտեմբեր) եւ Էմփոլիի (12 դեկտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն: Նշենք,...




















