Միջազգային շարք մը մարզական լրատու գործակալութիւններ յայտնեցին, որ 2021-ի համաշխարհային ձմեռնային ուսանողական խաղերը ջնջուեցան «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակին պատճառով:
Այս խաղերը պէտք էր տեղի ունենային 11-21 դեկտեմբերին, զուիցերիական Լիւսերն քաղաքին մէջ:
Զուիցերիոյ ուսանողական մարզական խաղերու ֆետերասիոնի նախագահ Մայք Քուրթ յայտնեց. «Շատ կը ցաւինք, որ այս կարեւոր խաղերուն կայացումը ջնջուեցաւ, հակառակ անոր որ շատ մեծ աշխատանք տարինք ամէն տեսակի պատրաստութիւնները տեսնելու համար»:
Նշենք, որ այս խաղերը սկզբունքով տեղի պիտի ունենային նախորդ յունուարին, սակայն «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով անոնք յետաձգուեցան դեկտեմբերին: