Մարզական

Ճատրակ.  Քարլսընի Երկրորդ Յաղթանակը

Ճատրակ. Քարլսընի Երկրորդ Յաղթանակը

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի 31 տարեկան Մակնուս Քարլսըն (2855) արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը իր ռուս մրցակիցին` 31 տարեկան Եան Նեփոմնիաչիի դէմ (2782): 8-րդ հանգրուանի այս ճակատումին, Քարլսըն, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, իր յաղթանակը արձանագրեց 46-րդ շարժումին: Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ ի նպաստ Քարլսընի` 5-3...

Պրազիլական Ֆութպոլ.  Աթլեթիքօ Մինէյրօ 50 Տարուան Մէջ  Առաջին Անգամ Ըլլալով  Հանդիսացաւ Ախոյեան

Պրազիլական Ֆութպոլ. Աթլեթիքօ Մինէյրօ 50 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Ախոյեան

Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Մինէյրօ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պայայի դաշտէն, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը աւարտէն երկու հանգրուան առաջ: Այսպիսով, Աթլեթիքօ իր տրամադրութեան տակ ունի 81 կէտ: Այժմ անիկա ունեցաւ 11 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ֆլամենկոյի վրայ, որ մրցում մը նուազ կատարած է: Պելու Օրիզոնթի քաղաքը ներկայացնող ակումբը 1971-էն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով...

Զենիթի Ֆութպոլիստները Ռոսթովի Դէմ  Տեղի Ունեցած Մրցումին Դաշտ Ներկայացան  Անօթեւան Շուներու Հետ

Զենիթի Ֆութպոլիստները Ռոսթովի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին Դաշտ Ներկայացան Անօթեւան Շուներու Հետ

Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ հիւրընկալեց Ռոսթովը (11-րդ), անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, Զենիթի ֆութպոլիստները դաշտ մուտք գործեցին անօթեւան շուներու հետ, որոնք ներկայիս կը բնակին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ: Ֆութպոլիստները այս քայլը կատարեցին ըսելու համար, որ «շուներուն համար տունը աւելի...

Ռոնալտօ Նշանակեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին  800-րդ Եւ 801-րդ Կոլերը

Ռոնալտօ Նշանակեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին 800-րդ Եւ 801-րդ Կոլերը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց լոնտոնեան Արսենալի դէմ` 3-2 արդիւնքով: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: Այսպիսով, 36 տարեկան Ռոնալտօ, նշանակեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին իր 800-րդ եւ 801-րդ կոլերը: Ան Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ նշանակած է 129 կոլ (307 մրցում), 450 կոլ` Ռէալ...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Ռենկնիքի Յաղթական Նորամուտը`  Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Անգլիական Ֆութպոլ. Ռենկնիքի Յաղթական Նորամուտը` Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրընկալեց Քրիսթալ Փալասը, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պրազիլցի միջնապահ Ֆրետ, 77-րդ վայրկեանին: Այսպիսով, գերմանացի նոր նշանակուած մարզիչ Ռալֆ Ռենկնիք, իր նորամուտը` մանչեսթըրեան կազմին հետ տօնեց յաղթանակով: Նշենք, որ Ռենկնիք դարձաւ առաջին գերմանացի մարզիչը, որ իր նորամուտի մրցումին յաղթանակ կ՛արձանագրէ «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Հրապարակուի Տղոց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանի  Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ Պէյրութ-Շանվիլ

Վաղը` կիրակի, 5 դեկտեմբերին, կը վերսկսին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները ` կարճ դադարէ մը ետք, Լիբանանի ազգային խումբին կատարած մրցումներուն պատճառով: 6-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, վաղը ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի պիտի ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ-Շանվիլ հանդիպումը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:40-ին: Շանվիլ ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ Անդրանիկ արձանագրած...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ուրարտու-Արարատ Արմենիա Մրցումը  Աւարտեցաւ Կոլազուրկ

Հայկական Ֆութպոլ. Ուրարտու-Արարատ Արմենիա Մրցումը Աւարտեցաւ Կոլազուրկ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած Ուրարտու- Արարատ Արմենիա մրցումը աւարտեցաւ ճերմակ հաւասարութեամբ: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Արարատ Արմենիա կը շարունակէ գլխաւորել դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 40 կէտ: Ինչ կը վերաբերի Ուրարտուին, անիկա 15 կէտով կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ:

Մալխաս Ամոյեան Կը Գլխաւորէ Ըմբշամարտի  Միջազգային Ֆետերասիոնին  Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքը

Մալխաս Ամոյեան Կը Գլխաւորէ Ըմբշամարտի Միջազգային Ֆետերասիոնին Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքը

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեան կը գրաւէ Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 72 քկ դասակարգին մէջ: Ան պիտի պարգեւատրուի տասը հազար ամերիկեան տոլարով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ 22 տարեկան Ամոյեան Օսլոյի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունեցած 2021-ի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան տիրացաւ ոսկի...

Հայաստանի Ֆութպոլի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը  Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Պիելոռուսիոյ Դէմ

Հայաստանի Ֆութպոլի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Պիելոռուսիոյ Դէմ

Երէկ` ուրբաթ, 3 դեկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ 18 տարեկանէն վար հաւաքականներուն միջեւ: Անոնց միջեւ այս հանդիպումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: Երկու խումբերը, իրարու դէմ պիտի կատարեն բարեկամական երկրորդ մրցում մըն ալ, վաղը` կիրակի, 5 դեկտեմբերին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:  

Դաւիթ Եուրչենքօ Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան

Դաւիթ Եուրչենքօ Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւանի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ Մատրիտի մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Սպանիոյ մէջ անոր ծունկի վիրաբուժութիւնը անցած է շատ յաջող:  

Ռամոս Բացակայ` Լանսի Դէմ  Կատարուելիք Այսօրուան Մրցումէն

Ռամոս Բացակայ` Լանսի Դէմ Կատարուելիք Այսօրուան Մրցումէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 4 դեկտեմբերին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Լանսին (5-րդ): Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Մայրաքաղաքի կազմի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ երէկ յայտնեց, որ սպանացի 35 տարեկան յետսապահ Սերճիօ Ռամոս պիտի բացակայի այսօրուան մրցումէն` նկատի ունենալով, որ մկանային յոգնածութիւն ունի: Նշենք, որ Ռամոս...

Աթլեթիզմ.  Լիբանան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի Մը

Աթլեթիզմ. Լիբանան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի Մը

Թունուզի մէջ տեղի ունեցող Արաբական աթլեթիզմի 8-րդ ախոյեանութեան, տղոց եւ աղջկանց 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ պրոնզէ մետալի մը, երբ գունդ նետելու մրցումներուն (3 քկ) Միրիամ Եուսեֆ արձանագրեց 43,39 մեթր արդիւնք մը: Նշենք, որ անոր արձանագրած այս արդիւնքը 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ լիբանանեան նոր մրցանիշ մըն է: Թունուզ մեկնած լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի...

Պաշտօնական Բացում` Ասիա-Ովկիանիա  Ժիւտոյի Ախոյեանութեան

Պաշտօնական Բացում` Ասիա-Ովկիանիա Ժիւտոյի Ախոյեանութեան

Երէկ յետմիջօրէին, Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), տեղի ունեցաւ Ասիա-Ովկիանիա 18 եւ 21 տարեկանէն վար ժիւտոյի ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը: Անոր ներկայ գտնուեցան ախոյեանութեան հովանաւոր` Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունը ներկայացնող զբօսաշրջիկութեան նախարար Ուալիտ Նասսար, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլասի ներկայացուցիչը` Մոհամետ Աուայտաթ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ասիոյ...

Ֆայսալ Եւ Քաթթուրա Մեկնեցան Սպանիա

Ֆայսալ Եւ Քաթթուրա Մեկնեցան Սպանիա

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ եւ ընդհանուր քարտուղար Ռեմոն Քաթթուրա հինգշաբթի, 2 դեկտեմբերին մեկնեցան Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտ` հոն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Միջազգային թենիսի ֆետերասիոնին համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ 3-4 դեկտեմբերին: Այս համագումարին ընթացքին Լիբանանի ներկայացուցիչները յատուկ հանդիպումներ պիտի ունենան տարբեր պատասխանատուներու հետ:  

Հայկական Ֆութպոլ.  Սեւան Հեռացուեցաւ Հայաստանի Ախոյեանութենէն

Հայկական Ֆութպոլ. Սեւան Հեռացուեցաւ Հայաստանի Ախոյեանութենէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նորեկ Սեւան խումբը հեռացուեցաւ ախոյեանութենէն: Նշուեցաւ, որ Սեւան խախտեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կանոնագիրը` նկատի ունենալով, որ 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան գծով երկու մրցումի դաշտ չներկայացաւ: Անոր արգիլուեցաւ այս տարեշրջանին ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն մասնակցիլ, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ ունենալ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան: Բացի վերոնշեալներէն, Սեւան 500...

Արմէն Նազարեան Նշանակուեցաւ Պուլկարիոյ  Ըմբշամարտի Բոլոր Հաւաքականներու Պատասխանատու

Արմէն Նազարեան Նշանակուեցաւ Պուլկարիոյ Ըմբշամարտի Բոլոր Հաւաքականներու Պատասխանատու

Հայաստանի ըմբշամարտի անցեալի անուանի ըմբիշ Արմէն Նազարեան նոր պաշտօն մը ստանձնեց Պուլկարիոյ մէջ: Ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեանը այսուհետեւ պիտի չգլխաւորէ Պուլկարիոյ ըմբշամարտի ազգային հաւաքականը: 47 տարեկան Նազարեան նշանակուեցաւ Պուլկարիոյ ըմբշամարտի բոլոր տարիքային դասակարգերու հաւաքականներու գլխաւոր պատասխանատու: Նշենք, որ աշխարհի եռակի ախոյեան, Եւրոպայի վեցակի ոսկիէ մետալակիր Նազարեան 2012-էն ի վեր Պուլկարիոյ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է:  

Գեղամ Կադիմեան Հեռացաւ Քայսարէն

Գեղամ Կադիմեան Հեռացաւ Քայսարէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Գեղամ Կադիմեան հեռացաւ իր ակումբէն` ղազախական Քայսարէն: 29 տարեկան միջնապահը, որ այս տարի միացած էր Քայսարի, անոր հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22 մրցումի: Նշուեցաւ, որ շատ հաւանական է, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ իր նախկին ակումբներէն մէկուն` Նեմանի հետ (Պիելոռուսիա):  

Էրիքսըն Իր Առաջին Փորձը Կատարեց`  Սրտի Վիրաբուժութենէն Ետք

Էրիքսըն Իր Առաջին Փորձը Կատարեց` Սրտի Վիրաբուժութենէն Ետք

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլանի եւ Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն սրտի վիրաբուժութենէն ետք իր առաջին փորձը կատարեց, յայտնեց դանիական Օտենսէ ակումբը: Իտալիոյ ֆութպոլի իշխանութիւնները անոր արգիլեցին ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղիլ Իտալիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ անոր կուրծքի վանդակին մէջ զետեղուած է սրտի զարկը կարգաւորող գործիք մը: Նշենք, որ ան Օտենսէին մաս կազմած է` 2005-2008 ժամանակամիջոցին: «ԵՒՐՕ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին...

Եուվենթուս Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ  Հետաքրքրուած` Տեմպելէով

Եուվենթուս Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Հետաքրքրուած` Տեմպելէով

Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, եւրոպական երկու անուանի ակումբներ` Եուվենթուս եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, բաւական մօտէն հետաքրքրուած են Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէով: Այնպէս կը թուի, որ ան չ՛ուզեր Պարսելոնայի հետ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: 24 տարեկան ֆութպոլիստը այս տարեշրջանին վնասուածքի պատճառով մասնակցեցաւ ընդամէնը երեք մրցումի (73 վայրկեան): Անոր փոխանցման արժէքը կը...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Ռալֆ Ռենկնիքին  Կը Խոստանայ Մեծ Պարգեւավճար Մը

Մանչեսթըր Եունայթըտ Ռալֆ Ռենկնիքին Կը Խոստանայ Մեծ Պարգեւավճար Մը

«Տէյլի Էքսփրես» կը յայտնէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը իր նոր նշանակուած գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Ռալֆ Ռենկնիքին կը խոստանայ մեծ պարգեւավճար մը: Նշուեցաւ, որ եթէ Ռենկնիք յաջողի ակումբին միացնել Պորուսիա Տորթմունտի եւ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտը, պիտի ստանայ 8,5 միլիոն սթերլինկ պարգեւավճար: Եւրոպայի գրեթէ բոլոր հարուստ ակումբները կը փափաքին իրենց կազմին միացնել 21 տարեկան ֆութպոլիստը` նկատի ունենալով,...

Page 441 of 1280 1 … 440 441 442 … 1,280

Արխիւներ