Երէկ յետմիջօրէին, Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), տեղի ունեցաւ Ասիա-Ովկիանիա 18 եւ 21 տարեկանէն վար ժիւտոյի ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը:
Անոր ներկայ գտնուեցան ախոյեանութեան հովանաւոր` Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունը ներկայացնող զբօսաշրջիկութեան նախարար Ուալիտ Նասսար, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլասի ներկայացուցիչը` Մոհամետ Աուայտաթ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ասիոյ ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Օպէյտ Ղանզի, Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ եւ այլ անդամներ, հրաւիրեալներ եւ հիւրեր:
Այս ախոյեանութեան ազդանշանը, որ պիտի տրուի այսօր` ուրբաթ, 3 դեկտեմբերին, պիտի երկարի երեք օրերու վրայ` մասնակցութեամբ քսան երկիրներէ մարզիկներու:




