Վաղը` կիրակի, 5 դեկտեմբերին, կը վերսկսին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները ` կարճ դադարէ մը ետք, Լիբանանի ազգային խումբին կատարած մրցումներուն պատճառով:
6-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, վաղը ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի պիտի ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ-Շանվիլ հանդիպումը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:40-ին:
Շանվիլ ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ Անդրանիկ արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած երեք պարտութիւն: