Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ հիւրընկալեց Ռոսթովը (11-րդ), անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, Զենիթի ֆութպոլիստները դաշտ մուտք գործեցին անօթեւան շուներու հետ, որոնք ներկայիս կը բնակին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ:
Ֆութպոլիստները այս քայլը կատարեցին ըսելու համար, որ «շուներուն համար տունը աւելի լաւ է»:
Ինչպէս նշեց ակումբին կայքը, այս քայլին նպատակն էր բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրել ընտանի կենդանիներու հարցերուն վրայ: