Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նորեկ Սեւան խումբը հեռացուեցաւ ախոյեանութենէն:
Նշուեցաւ, որ Սեւան խախտեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կանոնագիրը` նկատի ունենալով, որ 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան գծով երկու մրցումի դաշտ չներկայացաւ:
Անոր արգիլուեցաւ այս տարեշրջանին ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն մասնակցիլ, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ ունենալ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան:
Բացի վերոնշեալներէն, Սեւան 500 հազար դրամ տուգանքի ենթարկուեցաւ: