Երէկ` ուրբաթ, 3 դեկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ 18 տարեկանէն վար հաւաքականներուն միջեւ:
Անոնց միջեւ այս հանդիպումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Երկու խումբերը, իրարու դէմ պիտի կատարեն բարեկամական երկրորդ մրցում մըն ալ, վաղը` կիրակի, 5 դեկտեմբերին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: