Հայաստանի ըմբշամարտի անցեալի անուանի ըմբիշ Արմէն Նազարեան նոր պաշտօն մը ստանձնեց Պուլկարիոյ մէջ:
Ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեանը այսուհետեւ պիտի չգլխաւորէ Պուլկարիոյ ըմբշամարտի ազգային հաւաքականը:
47 տարեկան Նազարեան նշանակուեցաւ Պուլկարիոյ ըմբշամարտի բոլոր տարիքային դասակարգերու հաւաքականներու գլխաւոր պատասխանատու:
Նշենք, որ աշխարհի եռակի ախոյեան, Եւրոպայի վեցակի ոսկիէ մետալակիր Նազարեան 2012-էն ի վեր Պուլկարիոյ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է: