Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 4 դեկտեմբերին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Լանսին (5-րդ): Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մայրաքաղաքի կազմի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ երէկ յայտնեց, որ սպանացի 35 տարեկան յետսապահ Սերճիօ Ռամոս պիտի բացակայի այսօրուան մրցումէն` նկատի ունենալով, որ մկանային յոգնածութիւն ունի:
Նշենք, որ Ռամոս երկու հանգրուան առաջ, Սենթ Էթիենի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, իր նորամուտը նշեց իր ակումբին հետ: