Թունուզի մէջ տեղի ունեցող Արաբական աթլեթիզմի 8-րդ ախոյեանութեան, տղոց եւ աղջկանց 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ պրոնզէ մետալի մը, երբ գունդ նետելու մրցումներուն (3 քկ) Միրիամ Եուսեֆ արձանագրեց 43,39 մեթր արդիւնք մը:
Նշենք, որ անոր արձանագրած այս արդիւնքը 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ լիբանանեան նոր մրցանիշ մըն է:
Թունուզ մեկնած լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի գանձապահ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Մարիա Գէորգեան:
Գէորգեան միեւնոյն ժամանակ լիբանանցի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահն է:



