Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրընկալեց Քրիսթալ Փալասը, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պրազիլցի միջնապահ Ֆրետ, 77-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, գերմանացի նոր նշանակուած մարզիչ Ռալֆ Ռենկնիք, իր նորամուտը` մանչեսթըրեան կազմին հետ տօնեց յաղթանակով:
Նշենք, որ Ռենկնիք դարձաւ առաջին գերմանացի մարզիչը, որ իր նորամուտի մրցումին յաղթանակ կ՛արձանագրէ «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ:



