Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի 31 տարեկան Մակնուս Քարլսըն (2855) արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը իր ռուս մրցակիցին` 31 տարեկան Եան Նեփոմնիաչիի դէմ (2782):
8-րդ հանգրուանի այս ճակատումին, Քարլսըն, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, իր յաղթանակը արձանագրեց 46-րդ շարժումին:
Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ ի նպաստ Քարլսընի` 5-3 արդիւնքով:
Քարլսըն յաղթած էր նաեւ 6-րդ հանգրուանին, մինչ մնացեալ հանդիպումները աւարտած էին` հաւասարութեամբ:
Անոնց միջեւ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի, 7 դեկտեմբերին:



