Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Մինէյրօ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պայայի դաշտէն, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը աւարտէն երկու հանգրուան առաջ:
Այսպիսով, Աթլեթիքօ իր տրամադրութեան տակ ունի 81 կէտ:
Այժմ անիկա ունեցաւ 11 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ֆլամենկոյի վրայ, որ մրցում մը նուազ կատարած է:
Պելու Օրիզոնթի քաղաքը ներկայացնող ակումբը 1971-էն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով կը հռչակուի Պրազիլի ախոյեան:
Իսկ խումբին յառաջապահներէն պրազիլցի Հալք այժմ երկրին լաւագոյն ռմբաձիգն է` 18 կոլով: