«Տէյլի Էքսփրես» կը յայտնէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարութիւնը իր նոր նշանակուած գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Ռալֆ Ռենկնիքին կը խոստանայ մեծ պարգեւավճար մը:
Նշուեցաւ, որ եթէ Ռենկնիք յաջողի ակումբին միացնել Պորուսիա Տորթմունտի եւ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտը, պիտի ստանայ 8,5 միլիոն սթերլինկ պարգեւավճար:
Եւրոպայի գրեթէ բոլոր հարուստ ակումբները կը փափաքին իրենց կազմին միացնել 21 տարեկան ֆութպոլիստը` նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ ամառ անոր պայմանագիրով սահմանուած հրաժարագինը պիտի ըլլայ ընդամէնը 75 միլիոն եւրօ:
Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիվըրփուլ եւ Մանչեսթըր Սիթի: