Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլանի եւ Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն սրտի վիրաբուժութենէն ետք իր առաջին փորձը կատարեց, յայտնեց դանիական Օտենսէ ակումբը:
Իտալիոյ ֆութպոլի իշխանութիւնները անոր արգիլեցին ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղիլ Իտալիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ անոր կուրծքի վանդակին մէջ զետեղուած է սրտի զարկը կարգաւորող գործիք մը:
Նշենք, որ ան Օտենսէին մաս կազմած է` 2005-2008 ժամանակամիջոցին:
«ԵՒՐՕ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին կատարած մէկ մրցումին ընթացքին գետին ինկած էր` սրտի կաթուած ունենալու պատճառով: