Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, եւրոպական երկու անուանի ակումբներ` Եուվենթուս եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, բաւական մօտէն հետաքրքրուած են Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէով:
Այնպէս կը թուի, որ ան չ՛ուզեր Պարսելոնայի հետ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
24 տարեկան ֆութպոլիստը այս տարեշրջանին վնասուածքի պատճառով մասնակցեցաւ ընդամէնը երեք մրցումի (73 վայրկեան):
Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 50 միլիոն եւրոյով: