Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Գեղամ Կադիմեան հեռացաւ իր ակումբէն` ղազախական Քայսարէն:
29 տարեկան միջնապահը, որ այս տարի միացած էր Քայսարի, անոր հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22 մրցումի:
Նշուեցաւ, որ շատ հաւանական է, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ իր նախկին ակումբներէն մէկուն` Նեմանի հետ (Պիելոռուսիա):