Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ».  Մեսսի Կրկնեց Ռոնալտոյի Մրցանիշը

«Չեմփիընզ Լիկ». Մեսսի Կրկնեց Ռոնալտոյի Մրցանիշը

  Խմբակներու դրութեամբ կատարուող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Ֆ. Ք. Պրիւժը (Պելճիքա), անոր դէմ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն տուպլէ իրագործեցին Քիլիան Էմպափէ (2-րդ եւ 7-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (38-րդ եւ 76-րդ` փենալթիով): Այսպիսով, արժանթինցի Մեսսի, որ այս մրցաշարքին գծով նշանակեց իր 38-րդ կոլը,...

Տիգրան Բարսեղեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Սլովաքիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանին Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովանի հետ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է երեք տարիով` 1 յունուար 2022-էն մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2024: Իր պայմանագրութիւնը ստորագրելէն ետք, Բարսեղեան յոյս յայտնեց, որ անպայման յաջողութիւններու կը հասնի իր նոր ակումբին հետ:  

Ֆութսալ. 2024-ի Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Մաս Կազմեց Գ. Խմբակին

Ֆութսալ. 2024-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Մաս Կազմեց Գ. Խմբակին

Երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի գօտիի, ՖԻՖԱ-ի 2024-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից  պիտի ունենայ Քոսովոն, Պուլկարիան եւ Սկովտիան: Զտումի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան 4-13 ապրիլ 2022-ին` Պուլկարիոյ մէջ:  

Ա. Էս. Ռոմա Չի Ծրագրեր Յառաջիկային  Հեռացնել Մուրինիոն

Ա. Էս. Ռոմա Չի Ծրագրեր Յառաջիկային Հեռացնել Մուրինիոն

Հակառակ անոր որ Ա. Էս. Ռոմա կը շարունակէ իր անյաջող ելոյթները, սակայն ակումբը յառաջիկային չի ծրագրեր հեռացնել իր մարզիչը` փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյին: Նշուեցաւ, որ հռոմեան ակումբին սեփականատէրերն ու ղեկավարութիւնը լիովին կ՛աջակցին փորթուգալցիին, հետեւաբար անոր պաշտօնը վտանգուած չէ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ա. Էս. Ռոմա յառաջիկայ յունուարին իր կազմին պիտի միացնէ նորեկ մարզիկներ` իր շարքերը...

Վենկեր Եւ Զիտան Կրնան Իրարու  Միանալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Վենկեր Եւ Զիտան Կրնան Իրարու Միանալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ ֆրանսացի Զինետտին Զիտան չի բացառեր Փարիզ Սեն Ժերմենի մէջ աշխատանքի անցնելու տարբերակը: Ֆրանսացին արդէն իսկ նախնական բանակցութիւններ կը վարէ մայրաքաղաքի ակումբին ղեկավարութեան հետ: Նշուեցաւ, որ եթէ ան ստանձնէ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, Արսենալի նախկին մարզիչ Արսէն Վենկեր իր կարգին կը մտադրէ ժամանել Փարիզ Սեն Ժերմեն հոն ստանձնելով պաշտօն մը: Ներկայիս, 72 տարեկան Վենկեր կ՛աշխատի ՖԻՖԱ-ին մէջ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ  Յետաձգուած Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ Յետաձգուած Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանէն յետաձգուած ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ մրցումը կը կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 7 դեկտեմբերին, այս մասին յայտնեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին: Ռիատի, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն...

Ծանրաբարձութիւն.  Այսօր Կը Սկսի Աշխարհի  Ախոյեանութիւնը

Ծանրաբարձութիւն. Այսօր Կը Սկսի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ այսօր` երեքշաբթի, 7 դեկտեմբերին, կը սկսի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: Անիկա իր աւարտին կը հասնի 17 դեկտեմբերին: Ստորեւ` այս ախոյեանութեան մասնակցող հայրենի հաւաքականը, որուն անուանացանկը հրապարակուեցաւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին կողմէ. Ռաֆիկ Յարութիւնեան (81 քկ), Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ), Յակոբ Մկրտչեան, Դաւիթ Յովհանիսեան (96 քկ), Սամուէլ Գասպարեան, Արսէն Մարտիրոսեան  (102 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան (109 քկ), Վարազդատ Լալայեան եւ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ա. Սէ. Միլան-Լիվըրփուլ  Եւ Ռէալ Մատրիտ-Ինթեր Միլան

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ա. Սէ. Միլան-Լիվըրփուլ Եւ Ռէալ Մատրիտ-Ինթեր Միլան

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, չորս խմբակներու մէջ, այսօր կը կատարուին 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակներուն վերջնական պատկերը կը յստականայ, մինչ Ե., Զ., Է. եւ Ը. խմբակներուն մէջ վերջին մրցումները կը կատարուին վաղը` չորեքշաբթի, 8 դեկտեմբերին: Այսօրուան յայտագիրին վրայ են բաւական հետաքրքրական ճակատումներ: Լիվըրփուլ Միլանոյի...

Սպանական Ակումբ Մը Հետաքրքրուած`  Կամօ Յովհաննիսեանով

Սպանական Ակումբ Մը Հետաքրքրուած` Կամօ Յովհաննիսեանով

Ղազախական մարզական մամուլին համաձայն, սպանական ակումբներէն մէկը հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեանով: Հայրենի ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը ղազախական Քայրաթի հետ կ՛աւարտի ընթացիկ տարեշրջանի աւարտին: Յովհաննիսեան չի փափաքիր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել: Ան ամէն գնով կ՛ուզէ եւրոպական ակումբի մը մաս կազմել:  

Ճատրակ.  Աշխարհի Արագ Եւ Կայծակնային  Ախոյեանութեան Հայաստան  Պիտի Ունենայ 11 Մասնակից

Ճատրակ. Աշխարհի Արագ Եւ Կայծակնային Ախոյեանութեան Հայաստան Պիտի Ունենայ 11 Մասնակից

26-28 դեկտեմբերին Ղազախստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ կայծակնային ախոյեանութիւնը (29-30 դեկտեմբեր): Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան պիտի ունենայ 11 ներկայացուցիչ: Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Հայկ Մարտիրոսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Տիգրան Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Էլինա Դանիէլեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Մարիա Գէորգեան:...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ».  Կարէն Խաչանով Ռուսիոյ Հետ  Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Կարէն Խաչանով Ռուսիոյ Հետ Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Մատրիտի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցաւ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին աւարտական ճակատումը: Ռուսիա 2-0 արդիւնքով յաղթելով Խրուաթիոյ, երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին: Անիկա նախապէս տիտղոսակիր դարձած էր 2002-ին եւ 2006-ին: Նշենք, որ Ռուսիոյ հաւաքականին մէջ էր Կարէն Խաչանով:

Ֆելիքս Պրիխ` 2021 Տարուան  Լաւագոյն Իրաւարարը

Ֆելիքս Պրիխ` 2021 Տարուան Լաւագոյն Իրաւարարը

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը («ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ.») գերմանացի Ֆելիքս Պլիխը ճանչցաւ իբրեւ 2021 տարուան լաւագոյն իրաւարարը: 46 տարեկան Պրիխ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ  այս մրցանակին: Առաջինը` 2017-ին: Ան ապահովեց 110 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` նետերլանտցի Պիոռն Քուիփերս` 95 կէտ:  

Տէ Մարիա. «Կ՛ուզեմ Ֆութպոլիստի Արհեստավարժ  Ասպարէզս Աւարտել Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ»

Տէ Մարիա. «Կ՛ուզեմ Ֆութպոլիստի Արհեստավարժ Ասպարէզս Աւարտել Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ»

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի բաժակակիր Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ` Անխել Տի Մարիա նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել այժմու իր ակումբին հետ: Ան յայտնեց, որ ինքն ու իր ընտանիքը գոհ են Փարիզի մէջ իրենց կեցութենէն, հետեւաբար ոչ մէկ պատճառ ունին հոնկէ հեռանալու: Նշենք, որ արժանթինցին 2015-ին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայէրն Միւնիխ-Պարսելոնա Մրցումը`  Առանց Հանդիսատեսներու

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ-Պարսելոնա Մրցումը` Առանց Հանդիսատեսներու

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 8 դեկտեմբերին նախատեսուած Պայէրն Միւնիխ-Պարսելոնա մրցումը, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, խմբակներու դրութեամբ կատարուող 6-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, պիտի կատարուի առանց հանդիսատեսներու: Նշուեցաւ, որ Միւնիխի մէջ համաճարակի թիւին բաւական շատ աճման պատճառով, Պայէրն Միւնիխի դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին կատարելիք բոլոր մրցումները պիտի ըլլան դռնփակ: Պարսելոնայի դէմ կատարուելիք մրցումէն...

Լեւանտովսքի Ռէալ Մատրիտ  Տեղափոխուելու Մտադիր Չէ

Լեւանտովսքի Ռէալ Մատրիտ Տեղափոխուելու Մտադիր Չէ

Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի իր կազմը լքելու մտադիր չէ: Ըստ սպանական մամուլին, յառաջիկայ յունուարին կամ գարնան, Ռէալ Մատրիտ հաւանաբար իր կազմին միացնէ 33 տարեկան ֆութպոլիստը: Նշենք, որ գերմանական ակումբին հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023: Միւնիխեան կազմը մտադիր է այդ պայմանագրութիւնը երկարաձգել մինչեւ յունիս 2024: Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պայէրն Միւնիխի հետ բոլոր...

ՖԻՖԱ. Արաբական Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք Լիբանան- Ալճերիա` 0-2

ՖԻՖԱ. Արաբական Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք Լիբանան- Ալճերիա` 0-2

Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցող ՖԻՖԱ-Արաբական ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Դ. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր երկրորդ մրցումը` Ալճերիոյ դէմ, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` 2-0 արդիւնքով: Եասմին Պրահիմի (69-րդ` փենալթիով) եւ Թայյեպ Մըզեանի (90+3-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը: Երկու կազմերն ալ մրցումը աւարտեցին տասը մարզիկով: Իրենց երկրորդ դեղին քարտը ստանալով, դաշտէն վտարուեցան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Անդրանիկ Պէյրութ-Շանվիլ` 80-77

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ-Շանվիլ` 80-77

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ-Շանվիլ մրցումը: Անոնց միջեւ այս հանդիպումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 80-77 արդիւնքով (27-14, 20-21, 14-26 եւ 19-16): Ժան-Մարք Ժարրուժ նշանակեց Անդրանիկի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը (22), մինչ Շանվիլէն Օմար Ժամալէտտին նշանակեց 21 կէտ: Անդրանիկ, որ ցարդ կրած է...

Սանտա.  Պարպարա Ռասի Տիրացաւ Ոսկի Մետալին

Սանտա. Պարպարա Ռասի Տիրացաւ Ոսկի Մետալին

Ֆրանսայի սանտայի (չինական կռփամարտ) 2021-ի բաց ախոյեանութեան մրցումներուն, լիբանանցի-զուիցերիացի Պարպարա Ռասի իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ հասաւ աւարտական հանգրուան: Ան հոն եւս յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ տիրանալ ոսկի մետալին:  

Հայկական Ֆութպոլ.  Նոա, Արարատ Եւ Նորավանք` Յաղթական

Հայկական Ֆութպոլ. Նոա, Արարատ Եւ Նորավանք` Յաղթական

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նոա, որ հիւրընկալեց Վանը, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նոայի կոլերը նշանակեցին նիկերիացի Մարք Իքեչուքվու, Պետրոս Աւետիսեան եւ ռուս Եարոսլաւ Մաթվիենքօ: Նոա, որ ցարդ կատարած է 14 մրցում, 21 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը, մինչ Վան, 8 կէտով` 8-րդ դիրքը: Այս հանգրուանին ծիրին մէջ յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Արարատ եւ Նորավանք: Նորավանք...

Հայաստանի Ֆութպոլի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը  Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Պիելոռուսիոյ Դէմ

Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 2-1 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Պիելոռուսիայէն

Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Պիելոռուսիա 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականներուն միջեւ ֆութպոլի բարեկամական երկրորդ մրցումը: Վարդան Մինասեանի գլխաւորած կազմը, որ առաջին մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկուան այս մրցումին պարտութիւն կրեց` 2-1 արդիւնքով: Հայաստանի ուշացած կոլը 88-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Միսաք Յակոբեան:

Page 440 of 1280 1 … 439 440 441 … 1,280

Արխիւներ