Խմբակներու դրութեամբ կատարուող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Ֆ. Ք. Պրիւժը (Պելճիքա), անոր դէմ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ իրագործեցին Քիլիան Էմպափէ (2-րդ եւ 7-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (38-րդ եւ 76-րդ` փենալթիով):
Այսպիսով, արժանթինցի Մեսսի, որ այս մրցաշարքին գծով նշանակեց իր 38-րդ կոլը, կրկնեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մրցանիշը, որ իր կարգին նշանակած է նոյնքան կոլ:
Նոյն խմբակին մէջ, թէեւ Մանչեսթըր Սիթի Գերմանիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լայփցիկէն, սակայն 12 կէտով մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ: Սեն Ժերմեն ունի 11 կէտ: