Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նոա, որ հիւրընկալեց Վանը, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նոայի կոլերը նշանակեցին նիկերիացի Մարք Իքեչուքվու, Պետրոս Աւետիսեան եւ ռուս Եարոսլաւ Մաթվիենքօ:
Նոա, որ ցարդ կատարած է 14 մրցում, 21 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը, մինչ Վան, 8 կէտով` 8-րդ դիրքը:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Արարատ եւ Նորավանք:
Նորավանք 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ալաշկերտին, մինչ Արարատ իր յաղթանակը արձանագրեց Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին դէմ, 2-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ այժմ դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Արարատ-Արմենիա: