Մարզական

Ֆութսալ.  Այսօր` Ժամիհա Ալամիէ-Հմըմ Պուրճ Համուտ

Ֆութսալ. Այսօր` Ժամիհա Ալամիէ-Հմըմ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին մեկնարկը կը տրուի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ Ժամիհա Ալամիէ-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ նախորդ տարեշրջանին Գ. դասակարգէն բարձրացաւ Բ. դասակարգ: Կ՛ակնկալուի, որ ՀՄԸՄ-ի կազմը, այս տարեշրջանին եւս իր արձանագրելիք յաղթանակներուն շնորհիւ, ամէն ճիգ ի գործ դնելով բարձրանայ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Հրապարակուի Տղոց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանի  Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէի Վեցերորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Սաժես Պէյրութ, որ Զահլէի մէջ հիւրը եղաւ Անիպալ Զահլէին, արձանագրեց 88-41 արդիւնքով յաղթանակ մը (13-24, 5-20, 8-22 եւ 15-22): Ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն պարտութիւն մը միայն կրած Սաժես այսպիսով արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը, մինչ պեքաայեան կազմը կրեց իր վեցերորդ յաջորդական պարտութիւնը: Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քրիսթոֆ Խալիլ...

Մասնակցութեամբ Չորս Երկիրներու`  Կռփամարտի Միջազգային Մրցաշարք` Երեւանի Մէջ

Մասնակցութեամբ Չորս Երկիրներու` Կռփամարտի Միջազգային Մրցաշարք` Երեւանի Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ 16-19 դեկտեմբերին Երեւանի Տինամօ մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ կռփամարտի միջազգային խմբային երկսեռ մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ Հայաստանի, Իրանի, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հաւաքականներուն: Հայաստան եւ Ուքրանիա մրցաշարքին կը մասնակցին երկու խումբով: Նշուեցաւ, որ տեղի պիտի ունենան 13 դասակարգերու մրցումներ: Հայաստանի հաւաքականին մարզչական կազմը այս մրցաշարքին առիթ պիտի տայ նորեկներու, ինչպէս նաեւ Բ. խումբէն մարզիկներու:

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Ալաշկերտ Կէտով Մը Միայն  Աւարտեց Իր Ելոյթները

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Ալաշկերտ Կէտով Մը Միայն Աւարտեց Իր Ելոյթները

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան երէկ կատարեց խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր 6-րդ եւ վերջին մրցումը, երբ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մաքապի Թել Աւիւը (Իսրայէլ): Հայրենի կազմը, որ իր կատարած նախորդ հինգ մրցումներուն բոլորին ալ պարտութիւն կրած էր, իր ելոյթները աւարտեց կէտով մը, երբ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին...

Արսէն Զախարեան` Ռուսիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի  2021-ի Լաւագոյն Երիտասարդ Ֆութպոլիստը

Արսէն Զախարեան` Ռուսիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2021-ի Լաւագոյն Երիտասարդ Ֆութպոլիստը

Տինամօ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արսէն Զախարեան, ճանչցուեցաւ Ռուսիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2021 տարուան լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը: 18 տարեկան Զախարեան արժանացաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ մանկական ֆութպոլի լիկային «Առաջին հնգեակ» մրցանակի տիտղոսին: Ան ապահովեց 445 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցները` 312 եւ 238 կէտ: Այս տարուան ընթացքին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պարսելոնա 20 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ  Ըլլալով Չկրցաւ Ապահովել  Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա 20 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Չկրցաւ Ապահովել Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Քաթալոնական Պարսելոնայի 2021-2022 տարեշրջանին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին արձանագրած արդիւնքները եղան բաւական ձախող` նկատի ունենալով, որ անիկա 20 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով չկրցաւ ապահովել փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, անիկա գրաւելով դասաւորման երրորդ դիրքը, դուրս մնաց անկէ եւ այժմ պիտի մասնակցի «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցաշարքին: Անիկա վերջին անգամ 2003-2004 տարեշրջանին էր, որ չէր կրցած...

Նորպերթօ Պրիասքօ-Բալեկեան  Պոքա Ժունիորզի Հետ Դարձաւ  Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակակիր

Նորպերթօ Պրիասքօ-Բալեկեան Պոքա Ժունիորզի Հետ Դարձաւ Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակակիր

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Նորպերթօ Պրիասքօ-Բալեկեան հանդիսացաւ Արժանթինի ֆութպոլի բաժակակիր: Անոր ակումբը` Պոքա Ժունիորզ, որ Արժանթինի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականի մրցումին մրցեցաւ Թալիերես Քորտոպայի դէմ, փենալթիներով արձանագրեց 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ Պոքա Ժունիորզ 4-րդ անգամ ըլլալով է, որ կը հանդիսանայ երկրի ֆութպոլի բաժակակիր:  

Մեհտի Պենաթիա Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Մեհտի Պենաթիա Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Մարոքի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Մեհտի Պենաթիա եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին, այս մասին յայտնեց նոյնինքն ֆութպոլիստը: 34 տարեկան ֆութպոլիստը մաս կազմած է շուրջ տասը ակումբներու, որոնց կարգին` Մարսէյ, Ուտինեզէ, Ա. Էս. Ռոմա, Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ: Նշենք, որ ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ելոյթ ունեցած է 2008-2019 ժամանակամիջոցին` 66 մրցումի ընթացքին նշանակելով երկու կոլ:...

Դահուկարշաւ.  Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը  Մեկնեցաւ Իտալիա

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Իտալիա

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Իտալիա` հոն կատարելու համար տասը օրուան յատուկ բանակավայր մը: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Իկեթ Ֆախրի, մինչ մարզիկներն են` Սաշա Ժահժահ եւ Ժորժ Իպրահիմ: Նշենք, որ Լիբանանի դահուկարշաւի 2021-2022 տարեշրջանը կը սկսի շուտով:  

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Այսօր` Ալաշկերտ-Մաքապի Թել Աւիւ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Այսօր` Ալաշկերտ-Մաքապի Թել Աւիւ

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր Հայաստանի ներկայացուցիչը Ալաշկերտ կ՛աւարտէ իր ելոյթները, երբ կը մրցի Մաքապի Թել Աւիւի դէմ (Իսրայէլ): Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ հայրենի կազմը ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն բոլորին ալ պարտութիւն կրած է:...

«Եւրօ-2022».  Հայաստան, Փորթուգալ  Եւ Անգլիա` Նոյն Խմբակին Մէջ

«Եւրօ-2022». Հայաստան, Փորթուգալ Եւ Անգլիա` Նոյն Խմբակին Մէջ

Երէկ տեղի ունեցաւ «ԵՒՐՕ-2022»-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19 տարեկանէն վար զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Փորթուգալը, Անգլիան եւ Իրլանտան: Մրցումները թէեւ տեղի պիտի ունենան 2022-ի գարնան, սակայն ցարդ անոնց կայացման վայրը չէ որոշուած: Իսկ 2023-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստան, որ մաս կազմեց ԺԲ. Խմբակին, իրեն...

Ճատրակ.  Գաբրիէլ Սարգսեան Կը Մասնակցի  Տուպայի Միջազգային Մրցաշարքին

Ճատրակ. Գաբրիէլ Սարգսեան Կը Մասնակցի Տուպայի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի անդամ Գաբրիէլ Սարգսեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, որ կը կրէ «Շէյխ Համտան պըն Ռաշետ բաժակի մրցաշարք» անունը: 24 մասնակցողներուն մէջ ան այժմ 18-րդն է` իր տրամադրութեան տակ ունենալով երկու կէտ միայն: Երկու յառաջատարները (Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա) ունին 5-ական կէտ: Նշենք, որ Գաբրիէլ...

Ճատրակ.  Քարլսըն-Նեփոմնիաչի  7-րդ Հաւասարութիւնը

Ճատրակ. Քարլսըն-Նեփոմնիաչի 7-րդ Հաւասարութիւնը

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 10-րդ ճակատումին, երէկ աշխարհի գործող նորվեկիացի  ախոյեան Մակնուս Քարլսըն եւ ռուս Եան Նեփոմնիաչի իրարու հետ հաւասարութիւն արձանագրեցին 41-րդ շարժումին: Քարլսըն կը մրցէր ճերմակ քարերով: Այս հաւասարութիւնը անոնց միջեւ 7-րդն էր: Այս հանգրուանէն ետք այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ ի նպաստ Քարլսընի` 6,5-3,5 արդիւնքով:

Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարք.  Ճոքովիչ Պիտի Մասնակցի.  Ֆետերեր Եւ Ուիլիըմզ` Բացակայ

Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարք. Ճոքովիչ Պիտի Մասնակցի. Ֆետերեր Եւ Ուիլիըմզ` Բացակայ

Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտնեցին, որ 2022 տարուան առաջին կրան շլեմի` Աւստրալիոյ տղոց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աշխարհի թիւ մէկ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ: Սակայն մրցաշարքէն պիտի բացակային զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, ինչպէս նաեւ ուրիշներ:  

«Չեմփիընզ Լիկ».  Լիվըրփուլի Հաստատած Նոր Մրցանիշը,  Որ Կարելի Չէ Գերազանցել

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլի Հաստատած Նոր Մրցանիշը, Որ Կարելի Չէ Գերազանցել

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ա. Սէ. Միլանին, արձանագրեց իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը: Այսպիսով, Լիվըրփուլ հանդիսացաւ պատմութեան առաջին անգլիական ակումբը, որ խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումներուն կ՛արձանագրէ վեց յաղթանակ: Այս ձեռքբերումը անկարելի է գերազանցել, այլ` պարզապէս կարելի է կրկնել: Այստեղ նշենք, որ իր կրած այս պարտութենէն ետք, իտալական...

Ռէալ Մատրիտ Առաջին Ակումբը,  Որ Կը Նշանակէ 1000 Կոլ

Ռէալ Մատրիտ Առաջին Ակումբը, Որ Կը Նշանակէ 1000 Կոլ

Սպանական Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլի ակումբը հանդիսացաւ առաջին ակումբը` եւրոպական մրցաշարքերուն գծով (առանց նկատի ունենալու զտումի հանգրուանները), որ կը նշանակէ 1000 կոլ: Նշենք, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ իր յաղթանակը արձանագրեց Ինթեր Միլանի դէմ (2-0), երբ Թոնի Քրուս 17-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: Արքայական ակումբը իր կատարած 455 մրցումին ընթացքին էր, որ նշանակեց իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ` 63-93

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ` 63-93

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի կազմը երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը: Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 93-63 արդիւնքով (23-22, 7-22, 16-26 եւ 17-23): ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլիօ Սաատ (15), մինչ անոր խմբակից Քարիմ Ժատայել` 11 կէտ: Իսկ Ռիատիէն 22 կէտ...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Աղջկանց Ազգային Խումբին Կարեւոր  Ոստումը` Միջազգային Դասաւորման Մէջ

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Աղջկանց Ազգային Խումբին Կարեւոր Ոստումը` Միջազգային Դասաւորման Մէջ

Վերջին շրջանին իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը միջազգային պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ նոր հրապարակուած դասաւորման մէջ կարեւոր ոստում մը արձանագրեց: Աղջկանց կազմը, որ նախապէս կը գրաւէր 53-րդ դիրքը, բարձրացաւ 48-րդ դիրք: Ասիական դասաւորման մէջ Լիբանան կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ, իսկ արաբական դասաւորման մէջ` առաջին դիրքին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը հանդիսացաւ...

Ճատրակ.  Մակնուս Քարլսընի Երրորդ Յաղթանակը

Ճատրակ. Մակնուս Քարլսընի Երրորդ Յաղթանակը

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 9-րդ մրցումին, երէկ, աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ կը մրցէր սեւ քարերով, յաղթանակ մը արձանագրեց իր ռուս մրցակիցին` Եան Նեփոմնիաչիի դէմ: Ան իր յաղթանակը արձանագրեց 39-րդ շարժումին: Այսպիսով, Քարլսըն, որ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, այժմ ունի 6 կէտ, մինչ Նեփոմնիաչի` 3 կէտ: Ախոյեանութիւնը կը բաղկանայ 14...

Հայկական Ֆութպոլ.  Եղիշէ Մելիքեան Յաջորդաբար` Երրորդ Ամիսն  Ըլլալով Բարձրագոյն Դասակարգի Լաւագոյն Մարզիչ

Հայկական Ֆութպոլ. Եղիշէ Մելիքեան Յաջորդաբար` Երրորդ Ամիսն Ըլլալով Բարձրագոյն Դասակարգի Լաւագոյն Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող խումբերէն Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան յաջորդաբար երրորդ ամիսն ըլլալով ընտրուեցաւ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիչ: Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ախոյեանութեան մրցումներուն ան իր կազմին հետ արձանագրեց չորս յաղթանակ: Իսկ նոյեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ Փիւնիկի վենեզուելլացի 25 տարեկան յառաջապահ Խոսէ Քարապալիօ: Ցարդ իր կատարած 14 մրցումներէն Փիւնիկ  ապահոված է 32 կէտ եւ կը...

Page 439 of 1280 1 … 438 439 440 … 1,280

Արխիւներ