Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Պիելոռուսիա 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականներուն միջեւ ֆութպոլի բարեկամական երկրորդ մրցումը:
Վարդան Մինասեանի գլխաւորած կազմը, որ առաջին մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկուան այս մրցումին պարտութիւն կրեց` 2-1 արդիւնքով:
Հայաստանի ուշացած կոլը 88-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Միսաք Յակոբեան: