Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանէն յետաձգուած ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ մրցումը կը կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 7 դեկտեմբերին, այս մասին յայտնեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
Ռիատի, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ ՀՄԸՄ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն այսօր կը սպասուի ամէն գնով արձանագրել տարեշրջանի առաջին յաղթանակը: