Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 8 դեկտեմբերին նախատեսուած Պայէրն Միւնիխ-Պարսելոնա մրցումը, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, խմբակներու դրութեամբ կատարուող 6-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, պիտի կատարուի առանց հանդիսատեսներու:
Նշուեցաւ, որ Միւնիխի մէջ համաճարակի թիւին բաւական շատ աճման պատճառով, Պայէրն Միւնիխի դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին կատարելիք բոլոր մրցումները պիտի ըլլան դռնփակ:
Պարսելոնայի դէմ կատարուելիք մրցումէն բացի, իր դաշտին վրայ Պայէրն դեկտեմբերին ունի երկու մրցում եւս («Պունտըսլիկա»), յաջորդաբար` Մայնց-05-ի (11 դեկտեմբեր) եւ Վոլֆսպուրկի (14 դեկտեմբեր) դէմ: