Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ ֆրանսացի Զինետտին Զիտան չի բացառեր Փարիզ Սեն Ժերմենի մէջ աշխատանքի անցնելու տարբերակը:
Ֆրանսացին արդէն իսկ նախնական բանակցութիւններ կը վարէ մայրաքաղաքի ակումբին ղեկավարութեան հետ:
Նշուեցաւ, որ եթէ ան ստանձնէ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, Արսենալի նախկին մարզիչ Արսէն Վենկեր իր կարգին կը մտադրէ ժամանել Փարիզ Սեն Ժերմեն հոն ստանձնելով պաշտօն մը:
Ներկայիս, 72 տարեկան Վենկեր կ՛աշխատի ՖԻՖԱ-ին մէջ:



