Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի իր կազմը լքելու մտադիր չէ:
Ըստ սպանական մամուլին, յառաջիկայ յունուարին կամ գարնան, Ռէալ Մատրիտ հաւանաբար իր կազմին միացնէ 33 տարեկան ֆութպոլիստը:
Նշենք, որ գերմանական ակումբին հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:
Միւնիխեան կազմը մտադիր է այդ պայմանագրութիւնը երկարաձգել մինչեւ յունիս 2024:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պայէրն Միւնիխի հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին ցարդ կատարած է 20 մրցում, նշանակած 25 կոլ եւ կատարած 4 էսիսթ:



